Նախիջեւանի ուղղութեամբ ազրպէյճանական սահմանը հատած Հայաստանի քաղաքացի Հենրիկ Աղեկեանը վերադարձուած է հայրենիք: Այս մասին կը տեղեկացնէ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով յանձնաժողովին կից աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն Գաբրիէլեանը, նշըլով, որ Աղեկեանի վերադարձը կազմակերպուած էր 23 օգոստոսին, ժամը18:00-ին:
«Աղեկեանը կը տառապի հոգեկան հիւանդութեամբ, նախնական տուեալներով` վիճակը նորմալ է, սակայն ան պիտի կենթարկուի բազմակողմանի բժշկական քննութեանց»,- ըսած է Գաբրիէլեանը:
Արարատ մարզի Այգեպատ գիւղի բնակիչ 61 ամեայ Հենրիկ Սարիբեկի Աղեկեանը, հայ-ազրպէյճանական սահմանը հատած էր 7 օգոստոսին: Ան կը տառապի հոգեկան հիւանդութենէ, եւ սա անոր օրերով անհետացման առաջին դէպքը չէր: