Երէկ գիշեր անցնող վերջին օրերուն նման ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել հրադադարը: Ըստ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հակառակորդը աւելի քան 70 անգամ խախտած է հրադադարը:Ըստ նոյն աղբիւրին մասնաւորապէս Հադրութի, Մարտակերտի եւ Ակնայ ճակատներուն ուղղութեամբ հակառակորդը աշխուժ կերպով շարունակած է կրակ բանալ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ազրպէյճանեան ուժեր նոյն ուղղութեամբ օգտագործած են հրանետ եւ նռնականետ: