Ազրպէյճան կը շարունակէ հերթականին պէս խախտել հրադադարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ երէկ գիշեր ազրպէյճանեան կողմը 80 անգամ խախտած է 5 ապրիլին հաստատուած հրադադարը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ազրպէյճանեան ուժեր հրանետեր կիրառած են Հադրութ շրջանի ուղղութեամբ: Հայկական պաշտպանական բանակը կը շարունակէ տարբեր միջոցներով զսպել հակառակորդի նկրտումները: Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ հայկական զօրքը մարդկային կորուստներ չունի: