Ազգային Ժողովն այսօր 2-րդ ընթերցմամբ՝ 98 կողմ, 2 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» եւ կից ներկայացուած օրինագիծերու փաթեթը, կը փոխանցէ «Հայ Ձայն»ի թղթակիցը:
Աւելի շուտ ներկայացուցած էինք, որ նշեալ նախագիծով կ'առաջարկուի ստեղծել յատուկ կառոյց՝ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման հիմնադրամ, որուն դրամական միջոցները պիտի ձեւաւորուին իւրաքանչիւր աշխատող անհատի կողմէ ամսական 1000 դրամ գումարի չափով վճարուող գումարներէն, յատուկ այդ նպատակով թողարկուած արժեթուղթերու վաճառքէն, յատուկ այդ նպատակով ստացուած դրամաշնորհներէն, նուիրաբերութիւններէն եւ նուիրատուութիւններէն: 1000 դրամի վճարումը պարտադիր պիտի ըլլայ բոլոր աշխատողներուն համար:
Նախատեսուած է, որ սպայի, ենթասպայի կամ շարքային զինծառայողի մահուան կամ առաջին կարգի հաշմանդամութեան պարագային, անոր ընտանիքին կամ իրեն միանուագ պիտի յատկացուի 10 մլն դրամ, ամսական համապատասխանաբար պիտի յատկացուի սպային 300 հազար դրամ, ենթասպային՝ 250 հազար դրամ, շարքային զինծառայողին՝ 200 հազար դրամ: Երկրորդ կարգի հաշմանդամութեան պարագային սպային պիտի յատկացուի միանուագ 5 մլն դրամ, ամսական հատուցում 20 տարուայ ընթացքին՝ 200 հազար դրամ, ենթասպային՝ 5 մլն դրամ միանուագ եւ ամսական 150 հազար դրամ, շարքային զինծառայողին՝ 5 մլն դրամ միանուագ եւ ամսական 100 հազար դրամ: