image

Ազգային Ժողովի անդամ Արման Աբովեանը` վարակակիր

Ազգային Ժողովի անդամ Արման Աբովեանը` վարակակիր

Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: «Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Աբովեանը նշած է, որ ախտանշաններ չունի, սակայն քննութեան պատասխանը դրական է:

« «Քորոնա» ժահրի քննութեան յանձնած են, պատասխանը դրական է: Ախտանշաններ չունիմ, ինքնազգացողութիւնս լաւ է: Հիմա ինքնամեկուսացած եմ»,- ըսած է Աբովեանը:

Մինչ այս պահը «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու մասին յայտնած են Ազգային ժողովի 5 պատգամաւորներ` «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիսթինէ Պօղոսեանը, Ծովինար Վարդանեանը, Հայկ Գէորգեանը եւ Վիքթոր Ենգիբարեանը եւ ԱԺ փոխնախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաճեանը: