28 Մարտ 1985-ին Պէյրութի մէջ կ'առեւանգուէր ՀՅԴ գործիչ Սարգիս Զէյթլեան: Լիբանանի Այնճար հայաւանը ծնած (1930) Զէյթլեան վարած է տարբեր պաշտօններ, ինչպէս Եգիպտոսի ՀՅԴ օրկան ՝ «Յուսաբեր»ի խմբագրի պաշտօն, Այնճարի «Յառաջ» Ազգային վարժարանի տնօրէն եւ ապա ընտրուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Ան կարեւորագոյն աւանդ ունի Պէյրութի մէջ 1970-ականներուն սկիզբ առած հայ քաղաքական եւ ազգային մտքի զարթօնքին: Պաղ պատերազմի ամէնէն լարուած հանգրուանին պատասխանատու դիրքի վրայ եղող Սարգիս Զէյթլեանի համար ( 1972 -ին ան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ), ոչ Խորհրդային Միութիւնը եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանագները փրկութեան լաստ ըլլալու ուժականութիւն ունէին մեր ժողովուրդին համար: Ազգային ներուժին յենած այս դրօշակիրը կը դառնար նոր մօտեցման մը հեղինակը, որ յետագային յայտնի պիտի դառնար «հայկական արեւելում» անունով: Պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ Զէյթլեանի իտէալներուն մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէր երկիր Հայաստանը, որ հակառակ Խորհրդային Ռէժիմին սահմաններուն մէջ ըլլալուն կը հանդիսանար մեր ժողովուրդի հաւաքական երազներու իսկական մկրտարանը: Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումը եւ անոր ճակատագրին անորոշութիւնը սեւ էջ մըն է հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ: Նշենք, որ Սարգիս Զէյթլեանի հետ առեւանգուած է նաեւ իր ընկերակից երիտասարդը ՝ Կարօ Գոլանճեան: