image

Atlas Global-ի տագնապ. Խումբ մը ՀՀ քաղաքացիներ Պոլիս մնացած են

Atlas Global-ի տագնապ. Խումբ մը ՀՀ քաղաքացիներ Պոլիս մնացած են

Թրքական AtlasGlobal ընկերութիւնը 26 նոյեմբերի երեկոյեան յայտարարութիւն տարածած էր 26  նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր թռիչքները դադրեցնելու մասին, սակայն նախօրօք այդ մասին չէ տեղեկացուցած  տոմսեր վաճառող գործակալութիւններուն։

Թռիչքներու յանկարծակի դադարեցման հետեւանքով դէպի Երեւան վերադարձող բազմաթիւ հայաստանցիներ մնացած են Պոլսոյ օդակայանը եւ ուղիներ կը փնտռեն Հայաստան վերադառնալու համար։

AtlasGlobal–ն իր յայտարարութեան մէջ նշած է, թէ չեղարկուած թռիչքներու տոմսերու գումարները ետ պիտի վերադարձուին, սակայն 27 նոյեմբերին հայաստանեան զբօսաշրջային գործակալները չեն կրցած  կապ հաստատել AtlasGlobal–ի գրասենեակի հետ եւ պարզաբանումներ ստանալ, թէ ինչպէ՛ս վաճառուած տոմսերը ետ պիտի վերադարձնեն եւ ինչպէ՛ս արդէն Պոլիս գտնուող հայ ուղեւորները պիտի վերադառնան:

Նշենք, որ AtlasGlobal ընկերութիւնը կը պատկանի Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարի հարազատ եղբօր։

Վերջին շրջանին ընկերութիւնը նիւթական խնդիրներու մէջ յայտնուած էր վատ կառավարման հետեւանքով եւ ներկայիս կը փորձեն միջոցներ գտնել  եւ փոխել աշխատանքի կազմակերպման միջոցները, որպէսզի կարենան շարունակել աշխատանքները օդանաւային շուկայի մէջ։