Ռուսական բանակը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ, Հմէյհէմի եւ Թարթուսի ռազմակայաններուն միջեւ գտնուող տարածքին մէջ Միջին Արեւելքի խոշորագոյն ռազմական հիւանդանոցը կառուցել կը պատրաստուի, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, հիւանդանոցը պիտի ղեկավարուի ռուս բժիշկներու կողմէ, պիտի ընդգրկէ 10 հազար մահճակալ, այսինքն 10 հազար հիւանդ ընդունելու կարողութիւն պիտի ունենայ, 6 վերգետնեայ եւ 3 ստորգետնեայ յարկերէ բաղկացած պիտի ըլլայ:
Ռուսիայէն ժամանած 4 հազար բժիշկ եւ 10 հազար բուժօգնող պիտի սպասարկեն հիւանդանոցը, որուն կառուցման եւ սարքաւորումներու տեղադրման աշխատանքները մէկ տարուան ընթացքին պիտի աւարտին:
Նշուած է, որ կառուցուելիք հիւանդանոցը Ռուսիոյ պետութեան սեփականութիւնը պիտի հանդիսանայ, եւ ոչ Սուրիոյ պետութեան: