Սուրիոյ ճգնաժամի շուրջ Աստանայի բանակցութիւններուն ներկայացած ռուսական պատուիրակութեան նախագահ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնած է, որ Սոչիի համագումարը պատրաստ է ընդունիլ բոլոր անոնք, որոնք դրական տրամադրուածութիւն ունին, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
«Եթէ ուշադիր հետեւած ըլլաք Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համատեղ յայտարարութեան, պիտի նկատէք, որ անոր բովանդակութեան մէջ նշուած է, թէ ազգային երկխօսութեան համագումարը կ'ողջունէ Սուրիոյ ընդդիմութեան բոլոր ներկայացուցիչները, որոնք կողմ են Սուրիոյ հողերու միասնականութեան ու ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ «Տահէշ»ի դէմ պայքարին ու երկրի քաղաքացիական բնոյթին, հակառակ անոր, որ այս կէտը կասկածի տակ կ'առնուի»,- նշած է Լաւրենթիեւ, աւելցնելով, որ եթէ մարդիկ դրական տրամադրուածութիւն ունին, իրենք պատրաստ են զանոնք ընդունելու եւ առիթ տալու, որ ներկայ գտնուին, իսկ երբ փորձեն Սոչին որպէս բեմ օգտագործել, Ասատի հեռանալը պահանջելու համար, այդ պարագային անոնց ներկայութիւնն անընդունելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ յստակ է, թէ նման մարդոց նպատակը զինեալ պայքարը շարունակելն է: