image

Արսէլի ճակատամարտին մասին եւ ոչ միայն

Արսէլի   ճակատամարտին մասին  եւ ոչ  միայն

Լիբանանի   հասարակութիւնը երկուքի կիսող  նոր հարց մըն ալ աւելցաւ:   Խօսքը   անշուշտ կը վերաբերի   Արսէլ  աւանին   մասին, որ   կրնայ    թէժ  մարտերու     թատերաբեմը դառնալ:   Լիբանանի  կառավարութեան մէջ   «Հըզպալլա»ի  Սուրիոյ մարտերուն  մասնկացելու մասին քննարկումները   մէկդի դրուած   են    այն մտավախութեամբ, որ այդ խնդիրը կրնայ  պատճառ  դառնալ,  որ կառավարութիւնը «ներսէն» պայթի:  Սակայն  այսօր «Հըզպալլա»ի  ու անոր առաջնորդին  կողմէ    Արսէլի մասին կատարած  յայտատարութիւնները,  ինչքան ալ  Լիբանանի անվտանգութեան  շահերէն բխին,   կրնան դառնալ  լուրջ  պատճառ մը, որ   Լիբանանի  եւ սիւննի  աշխարհին հետ արդէն իսկ ոչ փայլուն յարաբերութիւնները յաւելեալ     լարում  ապրին:

Այս  հարցադրումները    կը  կատարուին, որովհետեւ  Արսէլի     պարագային խնդիրը միայն  ահաբեկիչ զինեալները չեն, այլ  այն    սուրիացի  փախստականները,  որոնց ջախջախիչ  տոկոսը դէմ է   սուրիական  վարչակարգին:

Ու այս  հարցը հաշուի առնելով է նաեւ,  որ «Հըզպալլա»ի կողմէ  կատարուած  որեւէ    քայլ կրնայ նոր բարդութիւններու  դուռ բանալ:

Այս բոլորէն անդին  կայ նաեւ   լիբանանեան  բանակին   վարկի    հարցը,  որ  կրնայ  վնասուիլ,  եթէ   զինեալ  գործողութիւններուն  «սանձ»ը    մնայ  «Հըզպալլա»ի ձեռքը:

Բաւական բարդ   հարց է  Արսէլ աւանի հարցը  եւ   յուսալի է, որ      վարչապետ Սաատ Հարիրիի  կառավարութիւնը  հիմնական  բոլոր քայլերը   գործի կը  մղէ    հեռու պահելու համար երկիրը անկանխատեսելի    բարդութիւններէ: