Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մեյը երկուշաբթի օր, փաքիստանեան ծագումով Սաժիտ Ճաուիտը նոր ներքին գործոց նախարար նշանակած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:
Ճաուիտ նախապէս զբաղեցուցած է շարք մը պաշտօններ, այդ շարքին՝ Գանձապետարանի պետական նախարարի, եղած է տեղական ինքնակառավարման նախարար, մշակոյթի նախարար, ԶԼՄ-ներու, սփորթի եւ հաւասարութեան նախարար՝ ըլլալով առաջին իսլամ մշակոյթի նախարարը Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ:
Նշենք, որ Ճաուիտ ծնած է 5 դեկտեմբերի 1969-ին, Մեծ Բրիտանիա, ան Պահպանողական կուսակցութեան անդամ է, հայրը եղած է հանրակառքի վարորդ, որ յիսուն տարի առաջ Փաքստանէն գաղթած է Բրիտանիա:
Ճաուիտ յաջորդած է նախկին ներքին գործոց նախարար Ամպըր Ռատին, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր՝ գաղթականներու հարցերով զբաղուող մարմիններու հետ իր ունեցած վերաբերմունքի մասին եղած գայթակղութիւններուն լոյսին տակ: