image

Արեւին զայրոյթը. Սուրէն Շէրիք

Արեւին զայրոյթը. Սուրէն Շէրիք

13 Մարտ 1989-ի իրիկնամուտին տասնեակ միլիոններով Ամերիկացիներ եւ Գանատացիներ ակնապիշ՝ վկաները եղան արտասովոր հանդիսութեան մը: Երկինքը յանկարծ ողողուեցաւ երկայն եւ լայն կարմիր ու կանաչորակ երիզներով: Այս դիւթահրաշ երկնային բեմադրութիւնը տեսանելի եղաւ նաեւ Գուպայէն եւ Ալասքայէն, որոնց բնակիչները վարժ ըլլալով «հիւսիսայգ»-ի բացառիկ երեւոյթին, անակնկալի եկան, մինչ այդ տեսած չըլլալով նման բան:
Առաւօտեան ժամը 2.44ին ճարտարագէտները Քեպէքի ընդհանուր ելեկտրական ցանցին վրայ խանգարումներ արձանագրեցին: Երկու վայրկեան յետոյ ամբողջական խաւարում. 6 միլիոն հոգի զրկուեցաւ ելեկտրական հոսանքէ: Իսկ առաւօտեան կանուխէն խուճապը տարածուեցաւ ամէնուրեք՝ ստեղծելով ահաւոր խճողումներ. ստորգետնեայ փոխադրամիջոցները կանգ առին, թռիչքները դադրեցան եւ այլն: Անջրպետի մէջ որոշ արբանեակներ վերահսկողութենէ դուրս մնացին, իսկ երկրագունտի վրայ նուազ 6 աստիճանի հասնող գիշերէ մը ետք՝ տուներու եւ գրասենեակներու բնակիչները արտասովոր ցած ջերմաստիճանէն սառած՝ թաղուեցան ամբողջական մութի մէջ: Մղձաւանջը պիտի տեւէր 9 ժամ, պատճառելով բազմատասնեակ միլիոն տոլարի հասնող վնասներ: Այս չարաղէտ դէպքին պատասխանատուն էր՝ Արեւը:
Արեգակնային դրութեան մասնագէտ մը կը բացատրէ այս երեւոյթը. մեր կենսատու աստղը իւրաքանչիւր երկվայրկեան մօտ մէկ միլիոն թոն նիւթ կ՚արտահանէ դէպի անջրպետ, ժամական 400 քիլոմեթր արագութեամբ: Այս երեւոյթը պատճառն է «արեգակնային հով»-երուն: Անոնց ելեւէջը շարունակական բնոյթ ունի, իսկ անոնց Երկիր մոլորակի վրայ ունեցած ազդեցութիւնը յարաբերաբար մեղմ է: Սակայն գոյութիւն ունի շատ աւելի սաստիկ եւ ուժգին երեւոյթ մը, որ գիտնականները վերջերս միայն յայտնաբերեցին. 1995-էն ի վեր Արեւին շուրջ շրջող Սօհօ արբանեակին շնորհիւ, յայտնաբերուեցան պսակային զանգուածին արտահանումները: Այս վերջինները 3 միլիոն աստիճանէ վեր ջերմութիւն ունեցող բարձր տարողութեամբ ելեկտրական մասնիկներ են, որոնք կ՚արձակուին արեգակնային պսակէն դուրս եւ երբ կը բախին մեր Երկիր մոլորակին, մագնիսական փոթորիկներ կը ստեղծեն: Ըստ քաջատեղեակ աստղագէտի մը բացատրութեան՝ «պսակային զանգուածին իւրաքանչիւր արտահանումին կ՚ընկերանայ հրացայտում (éruption) մը: Երբ այս վերջինը ուղղուած է դէպի Երկիր մոլորակ, բարձրագոյն ուժանիւթով բեռնաւորուած այս մասնիկներու խուրձը կրնայ սպաննել անջրպետ ելք կատարող որեւէ աստղանաւորդ»: Բարեբախտաբար մեր մոլորակը ունի մագնիսական վահան, որ մեզ կը պաշտպանէ արեգակնային նման յարձակումներու դէմ: Առանց այս վերջինին, գոյութիւն պիտի չունենար կեանքը:
Այսուհանդերձ, 1989-ի փոթորիկը, ինչպէս նաեւ 1859-ին մինչ օրս պատահած անոր ամենաուժգին տարբերակը կը շարունակեն մտահոգել գիտնականները: Համատարած բնոյթ ստացած տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներկայ շրջանին՝ նման ուժգնութեամբ մագնիսական փոթորիկ մը ծայր աստիճան աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Հեռատեսիլը, մեր համակարգիչները, մեր հեռախօսները, համացանցը պիտի ազդուէին այս կարգի տարերային աղէտէն: Ելեկտրական ցանցը, որ հետզհետէ ընդլայնած է, նման արկածի մը պարագային ահաւոր խանգարումներու ենթարկուելով քանդիչ աւերներ պիտի գործէր, շաբաթներ շարունակ ելեկտրական հոսանքէ զրկելով աշխարհի որոշ շրջանները: Իսկ ինչ կը վերաբերի GPS համակարգի խաթարման, այս վերջինը արբանեակներու նաւարկումին, օդանաւային երթեւեկութեան, ինչպէս նաեւ ծովային երթեւեկի կարգաւորման վրայ ողբերգական հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Ուրեմն ինչպէ՞ս նախատեսել եւ կանխել այս կարգի երեւոյթները: Մասնաւորապէս ուսումնասիրելով արեգակնային արատները: Այս վերջինին շրջակայքը ձեւաւորուած մագնիսական դաշտը աւելի ուժգին ըլլալով՝ այնտեղ կը ստեղծուի ամբարուած ուժանիւթի ահաւոր քանակութիւն, որ իր կարգին հսկայական magma-յի պղպջակ մը կը ձեւացնէ: Քանի մը օրուան ընթացքին չկարենալով պարփակել նման կարողականութեամբ ուժանիւթ, այս վերջինը կը պայթի, ազատ արձակելով իր պարունակած նիւթը դէպի անջրպետ, անհաւատալի արագութեամբ մը:
Արեւին այս կարգի զայրոյթին դէմ դնելու նպատակաւ ստեղծուած է նոր գիտական ոլորտ՝ անջրպետի օդերեւութաբանութիւն, որ վերջին տարիներու ընթացքին նկատելի զարգացում արձանագրած է: Եւրոպայի մէջ, Պրիւսէլի Եւրոպական անջրպետային գործակալութեան կապուած օդերեւութաբանական կեդրոնին մէջ շաբթուան եօթը օրերուն եւ օրը 24 ժամ գիտնականներ կը վերահսկեն մեր Արեգակ աստղին, հասկնալու եւ մեկնաբանելու համար անոր ցուցաբերած ելեւէջային դոյզն փոփոխութիւնը, նախատեսել կարենալու եւ կանխարգիլելու համար այս վերջինին պատճառելիք հաւանական աղէտները: Երբ կարեւոր հրացայտում մը արձանագրուի, Արեւը դիտարկող արբանեակները անմիջական ազդանշան մը կը ղրկեն դէպի Երկիր: Հետազօտական կեդրոնին վրայ գտնուող հսկայ հաշուիչ սարքաւորումներ կը վերարտադրեն արեգակնային փոթորիկի եռատարած (3D) ժապաւէնը: Այդպէսով, վերեւ յիշուած գիտնականները կրնան հետեւիլ արեգակնային փոթորիկի ուղեգիծին: Ըստ իրենց, երբ արեգակնային փոթորիկին ազդանշանը հասնի վերահսկող արբանեակներուն, դիտարկող կեդրոնի պատասխանատուներուն կը մնայ միայն մէկ ժամուան ժամանակամիջոց անջատելու համար ելեկտրական ցանցի որոշ բաժանումները, պատահական ահաւոր հոսանքի խզումը կանխելու համար:
Պսակային զանգուածի նման կարեւոր ժայթքումներ այնքան ալ հազուադէպ չեն: Անոնք տեղի կ՚ունենան արեգակնային 11 տարուան պարբերական յաճախականութեամբ: Բարեբախտաբար, անոնց մեծամասնութիւնը առանց բախելու Երկրագունտին, կ՚անցնի անոր մօտերէն:

Պատրաստեց՝ Սուրէն Շէրիք

 «Նոր Յառաջ»