Սուրիական կառավարութեան աջակցող դաշինքի ռազմական հրամանատարը յայտարարած է, որ Սուրիական բանակը իսկապէս յաջողած է Արեւելեան Ղութան բաժնել երկու ՝ հիւսիսային եւ հարաւային մասերու: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»-ը, նշելով, որ միաժամանկ՝ արեւելեան կողմէն առաջացող կառավարական ուժերը կը մօտենան տարածքի արեւմտեան կողմը գտնուող ուժերուն եւ անոր հետ միաւորուելուն:
Միւս կողմէն, Արեւելեան Ղութային մէջ ընդդիմադիր զինեալներու «Ֆայլաք Ալ-Ռահման» խմբաւորման խօսնակ Ուաէլ Ալուան հերքած է այս լուրը:
«Իսկ մնացած տարածքի լայնքը, որ հիւսիսային եւ հարաւային հատուածները իրար կը միացնէ, կը կազմէ մէկ քիլոմեթր եւ կը գտնուի սուրիական բանակի հարուածային գօտիին հսկողութեան տակ, ինչը, ռազմական գիտութեան համաձայն կը նշանակէ, որ տարածքը բաժնուած է», -ըսած է հրամանատարը: