Հոկտեմբեր 20-էն 26 ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 170 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1500 կրակոց:
ՊԲ-ի առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: