image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վիրաւորուած չէ․ ԱՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վիրաւորուած  չէ․ ԱՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան իր դիմատետրի էջին գրած է․

«Ատրպէյճանցիները այսօր կրկին աշխոյժ տեղեկութիւն շրջանառած են տեղական եւ միջազգային մամուլով, որ իբր թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան վիրաւորուած է: Անմիջապէս հերքեմ, որ այն իրականութեան չի համապատասխաներ եւ նախագահը այս պահուն լիարժէք կերպով կ'իրականացնէ իր աշխատանքային պարտականութիւնները:

Յ.գ. Նախագահ Յարութիւնեանի սառնասիրտ ու սթափ գործողութիւնները լրջագոյն կերպով մտահոգած են Ալիեւի վարչակարգի պատասխանատուները եւ բանակի հրամանակազմը, քանի որ մեր նախագահի ամէն մէկ ելոյթը սառ ջուր կը լեցնէ իրենց կեղծ քարոզչութեան վրայ:

Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Յաղթանակը մերն է»: