image

Արցախի մէջ.«Քորոնա»ով վարակուած 10 նոր պարագաներ

Արցախի մէջ.«Քորոնա»ով վարակուած 10 նոր պարագաներ

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն` նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 10 քաղաքացիի մօտ: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը` նշելով, որ վարակուածներու թիւը հասած է 78-ի։

«Անոնցմէ 3-ը Ստեփանակերտի բնակիչներ են, ընդ որում` մէկը նախապէս հաստատուած վարակակիրներու հետ առնչութիւն չունի, նոր վերադարձած է ՀՀ-էն, եւ բժիշկներուն դիմելէն ետք անոր մօտ պարզուած է «Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը: Ստեփանակերտի միւս 2 բնակիչները, որոնք վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, հաստատուած վարակակիրներու հետ շփուածներ են: Իսկ նոր վարակուած միւս 7 քաղաքացիները Հադրութի շրջանի սահմանափակումներու ենթարկուած համայնքներէն են, որոնք վարակուած են սգոյ արարողութեան ժամանակ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ, նոր «Քորոնա» ժահրի (COVID 19) վարակը յաղթահարած է եւս 11 քաղաքացի: Մեկուսացուած է 91 անձ, ընդհանուր քննութիւններու քանակը 1284 է:

 

Բարեբախտաբար, Արցախում կորոնավիրուսից մահանալու ոչ մի դեպք դեռ չի գրանցվել։