image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 7 նոր պարագաներ

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 7 նոր պարագաներ

 

Արցախի մէջ 23 մարտին կատարուած 118 քննութեան արդիւնքով հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան եւս 7 դէպք, այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ 24 մարտի դրութեամբ բուժում կը ստանայ 20 վարակակիր, իսկ թեթեւ ձեւերը կը բուժուին տնային պայմաններու մէջ:

«Արցախում այս տարուայ ընթացքում «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման նպատակով իրականացուել է 4 187 քաղաքացու հետազօտութիւն, որից 566-ի մօտ արձանագրուել է դրական քննութեան պատասխան»,- մանրամասնած են նախարարութենէն՝ յորդորելով հետեւիլ առողջապահական ցուցումներուն՝ նոր բռնկումներէ խուսափելու եւ «Քորոնա» ժահրային վարակը յաղթահարելու համար: