image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ նոր նախարար

Արցախի  մէջ նոր  նախարար

Այսօր ստորագրած եմ հրամանագիր Սամուէլ Աւանէսեանը Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարարի պաշտօնէն ազատելու մասին՝ իր դիմումի համաձայն։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին երէկ գրած էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։

«Մէկ այլ հրամանագրով` այդ պաշտօնին նշանակած եմ Միքայէլ Վիրապեանը՝ վաղաժամկէտ դադրեցնելով ԱՀ հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահի անոր լիազօրութիւնները։

Կը կարծեմ՝ Միքայէլ Վիրապեանը պատուով կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները»,- գրած է ան: