Երէկ հերթականին պէս Ազրպէյճան շարունակած է հրադադարի իր խախտումները: Հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 200 կրակոց եւ թշնամին գործի դրած է դիպուկահարներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ կրակոցներուն հետեւանքով վիրաւորուած է ՀՀ բանակի զինուոր ` Մհեր Զիլոյեանը: 25-Ամեայ զինուորը փոխադրուած է հիւանդանոց եւ անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: