image
Հրատապ լուրեր:

Արցախեան սահմանին դարձեալ վիրաւոր

Արցախեան  սահմանին դարձեալ  վիրաւոր

Արցախեան  սահմանին երէկ գիշեր հայ զինուոր մը վիրաւորուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ  ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ,  որ նաեւ  փոխանցեց, թէ    վիրաւորեալ  հայ զինուորը  կը կոչուի  Հրաչ Վաղինակ Գէորգեան .  եւ ան 1996-ի ծնունդ է: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ հակառակորդը     առկայ հրադադարը խախտած է 30 անգամ  եւ հայկական սահմանապահ  դիրքերուն   ուղղութեամբ արձակած է 670 կրակոց: