Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ անոնց միացած ուսանողները, 7 նոյեմբերի նստացոյցը ԿԳՄՍՆ-դիմաց շարունակած են ամբողջ գիշեր։
«Արայիկ Յարութիւնեանը պէտք է հրաժարական տայ։ Բանակցութիւններու, քննարկումներու տեղ չէ մնացած, պարոն Յարութիւնեանի կողմէ միայն մեղադրանքներ, վիարւորանքներ հնչած են, անգամ թոնը և բառամթերքը չի համապատասխաներ նախարարի թոնին եւ բառամթերքին»,-ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչը։