Ժընեւ գտնուող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ենթաքարտուղար Նիքոլաս Միշէլի եւ Սուրիական տագնապի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի փոխանորդին հետ։ Իրենց առաջարկով տեղի ունեցած այս աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր ունենալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը՝ տագնապի լուծման առաջնորդող գործընթացքին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան առնչութեամբ։ Շուրջ երկու ժամ տեւող խորհրդակցութիւններու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը, լսելէ ետք ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն արժեւորումը Սուրիոյ տագնապի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ անոնց պատկերացումը յառաջիկայ հանգրուաններուն, ընդառաջելով ՄԱԿ-ի պատասխանատուներու փափաքին, ան ներկայացուց իր տեսակէտը՝ ընդհանրապէս խաղաղութեան գործընթացքին ու մասնաւորաբար քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան շուրջ։ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ խաղաղութեան գործընթացքին պէտք է մասնակից դառնան Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր համայնքները, բնականաբար ներառեալ քրիստոնեայ համայնքները։ Որպէս նոյն պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները ունեցող համահաւասար քաղաքացիներ, քրիստոնեաները գործօն մասնակցութիւն պէտք է բերեն Սուրիոյ քաղաքական կեանքին, յիշեցուց Արամ Ա.։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը գործնական առաջարկներ ներկայացուց՝ յատկապէս Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու յառաջիկայ հանգրուանին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ուղղութեամբ։ Ներկաները համաձայն գտնուելով Նորին Սրբութեան, առաջարկեցին որ այս հարցին շուրջ իր հետ խորհրդակցութիւնները շարունակուին՝ շուտով սկսուելիք բանակցութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ։