Լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ Իրաք-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ: Մինչ Թուրքիոյ նախագահը բաւական կոպիտ ոճով «թելադրանքներ» կը կատարէ Իրաքի վարչապետին, անդին Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի սուր քննադատութիւններ կ'ուղղէ Էրտողանին, ըսելով «Մեր հողերը պիտի ազատագրուին մեր զինուորներուն շնորհիւ եւ ոչ թէ՝ սքայփով»: Ապատի այս սլաքները կ'արձակէ՝ յիշեցնելով անցնող յուլիսի դէպքերը, ուր Էրտողան Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանէն «Ֆէյսթայմ»ի միջոցաւ, իր համակիրներուն կոչ ըրաւ իջնել փողոց: Անշուշտ այս վէճը երկար վաղեմութիւն ունի եւ այն կապուած է թրքական ուժերուն Իրաք «մուտք ու ելք»ին հետ եւ յառաջիկայ փուլին Մուսուլ քաղաքի ազատագրութեան թրքական կողմին փափաքներուն հետ:
Էրտողան, որ բաւական վիրաւորական ոճով խօսած էր այս թեմային շուրջ, ըսած էր, որ իրենց համար Ապատիին «պոռչտուքներ«ը անիմաստ են: Ան նաեւ հաւաստած էր, որ թրքական բանակը ձեռնածալ պիտի չկենայ ու օգնութեան պիտի հասնի Իրաքի իրենց «եղբայրներուն»:
Ո՞ր եղբայրներուն մասին է խօսքը, դեռ պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Ապատիի այս բաւական անսպասելի ու կոշտ վերաբերմունքին տակ կը կանգնին Միացեալ Նահանգները, որոնք միտուած են նոր «փորձութեան դուռ մը» բանալ Անգարայի համար:
Յստակ է նաեւ, որ այս բաւական բարդ տեսարանին մէջ կայ քրտական գործօնը, ու շատ հաւանական է, որ ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներ գործի դնէ այդ գործօնը ու փորձէ նեղ դրութեան մէջ դնել Էրտողանի Անգարան:
Իրաքի տագնապը, որ ամէնօրեայ դրութեան իր «կաշին կը փոխէ», այսօր ալ մտած է նոր փուլ, ու շատ հաւանական է, որ Իրաք «մուտք ու ելք» ընող թրքական բանակը յայտնուի բաւական բարդ դրութեան մը մէջ: