«The Guardian» թերթի փոխանցմամբ, ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան վարչութեան նախկին տնօրէն Ճոն Ուոլֆսթայլ յայտնած է, թէ ԱՄՆ կը պատրաստուի միջուկային զէնքի օգտագործման սահմանափակումները նուազեցնել ու նոր միջուկային զէնք արտադրել:
Ուոլֆսթայլի յայտարարութեան համաձայն, Փենթակոն ամերիկեան «Trident D5» տիպի նոր միջուկային զէնք պիտի պատրաստէ, նպատակ ունենալով սահմանափակել Ռուսիոյ միջուկային ուժը, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ պատերազմ բռնկելու պարագային:
Նոր միջուկային ռազմավարութեան մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի յունուարի վերջերը: