image

ԱՄՆ նոր միջուկային զէնքով Ռուսիոյ ասպարէզ կը կարդայ. «The Guardian»

ԱՄՆ նոր միջուկային զէնքով Ռուսիոյ ասպարէզ կը կարդայ. «The Guardian»

«The Guardian» թերթի փոխանցմամբ, ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան վարչութեան նախկին տնօրէն Ճոն Ուոլֆսթայլ յայտնած է, թէ ԱՄՆ կը պատրաստուի միջուկային զէնքի օգտագործման սահմանափակումները նուազեցնել ու նոր միջուկային զէնք արտադրել:

Ուոլֆսթայլի յայտարարութեան համաձայն, Փենթակոն ամերիկեան «Trident D5» տիպի նոր միջուկային զէնք պիտի պատրաստէ, նպատակ ունենալով սահմանափակել Ռուսիոյ միջուկային ուժը, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ պատերազմ բռնկելու պարագային:

Նոր միջուկային ռազմավարութեան մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի յունուարի վերջերը: