ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնած է, որ Լիբանանի հարաւը տեղակայուած «Եունիֆիլ»ի ուժերը պէտք է ամէն գնով հետաքննեն «Հըզպալլ»ի շարժումները: Հէյլի նաեւ ըսած է, որ «Հըզպալլա» «կանոնաւոր» կերպով կը շարունակէ խախտել Լիբանանի կապուած ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումները եւ յատկապէս 2006 -ին հրապարակուած թիւ 1701 որոշումը:
Նշենք, որ նախապէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պահանջած էր որոշ քայլերու դիմել՝ «Եունիֆիլ»ի ներկայութիւնը աւելի զօրացնելու համար: Ան յայտնած էր իր մտավավութիւնը, շեշտելով որ «Հըզպալլա»ի մօտ եղող ծանր տիպի եւ արդիական զէնքերը մեծ վտանգ կը համարուին տարածքաշրջանին համար:
Յիշեցնենք, որ Լիբանան- Իսրայէլ սահմանային հատուածին մէջ տեղակայուած «Եունիֆիլ»ի ուժերուն մաս կը կազմեն ՀՀ խաղաղարար ուժերու ստորաբաժանումներ: