Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ եւ Ամմանի հոգեւոր հովիւ Տ. Հայկազուն Վրդ. Եղիայեան կարգաթող եղած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ամմանի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ վարդապետը, իր որոշումին մասին նամակով մը տեղեակ պահած է Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը: Կը նշուի, որ վարդապետը Յարութիւն Եղիայեան, այս որոշումը առած է զուտ անձնական պատճառներով եւ Լիբանան գտնուող մօրը մօտ ըլլալու համար:
Մինչեւ այս պահը Պատրիարքին, սոյն խնդրին վերաբերեալ առած որոշումին մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: