Ամերիկեան ռազմաօդային ուժերու հայազգի զօրավար, ռազմական փորձառու օդաչու Ճեֆրի (Ճեֆ) Հարիկեան նշանակուած է Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ամերիկեան օդուժի հրամանատար։ Այս մասին կը յայտնէ ամերիկեան զինուժի պաշտօնական ամսագիրը:
Հարիկեան մինչ այս կը զբաղցնէր այդ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի շտապի պետի պաշտօնը։ Ան իր կեանքի ընթացքին 4000 ժամ թռիչքներ իրականացուցած է F-22 եւ F-15C մարտական օդանաւերով։
Երկուշաբթի օր անոր պաշտօնը հաստատած է նաեւ ԱՄՆ Սենատը, միաժամանակ ան ստացած է զօրավարական 4-րդ աստղը («լրիւ» զօրավար), ինչը ամենաբարձր զինուորական կոչումն է ամերիկեան զինուած ուժերուն մէջ։ Ան իր ենթակայութեան տակ պիտի ունենայ 32 հազար անձնակազմ ու պիտի հետեւի յատկապէս Եւրոպայի ուղղութեամբ Ռուսաստանի գործողութիւններուն։
