image

Ամերիկահայութիւնը Աշխուժ Կերպով Պիտի Մասնակցի SARF-ի կազմակերպած Թէլէթոնին. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

Ամերիկահայութիւնը Աշխուժ Կերպով Պիտի Մասնակցի  SARF-ի կազմակերպած  Թէլէթոնին. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

Յառաջիկայ   21  Փետրուարին  Ամերիկա   հիմնադրուած   SARF-ը Թէլէթոն պիտի կազմակերպէ  այս մասին «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ    Սուրիոյ Հայ Աւետրանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանէն: Վերապատուելի  Սէլիմեան  նաեւ ըսաւ, որ առաջին անգամը չէ, որ   «Սուրիահայերու Օգնութեան Մարմին»ը (SARF)նման  նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ: Վերապատուելին յայտնեց, թէ ինք  վստահ է, թէ Ամերիկահայութիւնը        աշխուժ կերպով պիտի մասնակցի  յառաջիկայ  դրամահաւաքին   յիշեցնելով, որ սուրիահայութիւնը կը  գտնուի տնտեսական  դժուարին պայմաններու մէջ:  Վերապատուելին նաեւ  ըսաւ «Ինչպէս ասկէ առաջ արտայայտուեցանք՝ սուրիահայութիւնը մնայուն  աղբիւրներ  աղբիւրներ չունի իր  նախնական կարիքները  հոգալու  համար  եւ շատ քիչ յարանուանական աղբիւրներ կան, որոնք       տարբեր առիթներով օգնութիւն կը բաշխեն, բայց ընդհանրապէս մեր  ժողովուրդը կը մնայ տառապեալ եւ իրաւազրկուած  եւ ինչու չէ նաեւ , երբեմն  նաեւ աչքերէ հեռու»:Վերապատուելի Սէլիմեան    «Արեւելք»ի ամպիոնէն  կոչ ուղղեց  աշխարհասփիւռ հայութեան եւ  յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ բնակութիւն հաստատածներուն, որոնք իր ըսելով « Աստուծոյ բարիքները վայելած են եւ  քիչ մը աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ'ապրին,  անոնք  եւս պէտք է  յիշեն իրենց եղբայներն ու քոյրերը այս թէլէթոնի առիթով եւ իրենց ունեցած Աստուածային օրհնութիւններէն բաժին վերցնեն նաեւ անոնց»: Սուրիահայ հովիւը   խօսելով SARF-ին  մասին  ըսաւ «Իսկութեան մէջ SARF-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ գլխաւորութեամբ պրն. Զաւէն Խանճեանի, որ այսօր ԱՄՆ-ի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնն է,  իր շուրջ հաւաքեց հայ Աւետարանական, Կաթողիկէ եւ Առաքելական (իր երկու նոիրապետական աթոռներով) եկեղեցիները, եւ Դաշնակցական, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները, եւ այժմ բոլորը ներառուած են այս  գործին մէջ» նշելով նաեւ, որ «սուրիահայութեան համար հանգանակուած գումարները  կ'առաքուին  կաթողիկոսարան եւ այդտեղէն դէպի Սուրիա»: Աւարտին Վերապատուելին   նշեց,  որ SARF-ը   այսօր  կոչուած  է   կարեւորագոյն  աշխատանքներ   կատարելու  եւ այդ առումով պէտք է  գնահատանքի  խօսք   յայտնել  Պրն.  Զաւէն Խանճեանին,անոր   ազգանուէր  եւ հայանուէր առաքելութեան     համար: