«Իրավիճակը յայտնուած է փակուղիի մէջ»,- քիչ առաջ այսպէս յայտարարեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեան: Փաշինեան, որ կը խօսէր «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, նաեւ յայտնեց, որ այս իրավիճակի ելքի ապահովման համար պէտք է արագօրէն բանակցութիւններ կայացնել եւ այդ առումով ինք պատրաստ է Ժիրայր Սէֆիլեանի հետ հանդիպիլ՝ լսելու համար անոր առաջարկն ու տեսակէտները այս իրավիճակէն դուրս գալու վերաբերեալ: Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ իր համար ցանկացած բռնութիւն անընդունելի է՝ նկատել տալով, որ Երեւանի մէջ այսօր կատարուած դէպքերը երկրին մէջ կուտակուած հիմնահարցերուն ուղղակի հակազդեցութեան արդիւնքն են: Նիկոլ Փաշինեան նաեւ նշեց, որ «ճիշդ է, որ իրավիճակը ներկայիս վերահսկողութեան տակ է, բայց այն կրնայ ժխտական հունով զարգանալ՝ պատճառ դառնալով արիւնայեղութեան»: Ան ըսաւ, որ իր համար կարեւորագոյն հարցը Երեւանի մէջ արիւնայեղութեան կանխումն է, որովհետեւ ադպիսի զարգացումը կրնայ ոչ մէկ լուծում բերել երկրին այլ աւելիով բարդացնել իրադրութիւնը եւ նոյնիսկ պատճառ դառնալ հարիւրաւոր մարդոց սպաննութեան: Փաշինեան նաեւ դիտարկեց, որ ՀՀ ոստիկանութեան գլխաւոր տեղակալ Յունան Պօղոսեան իր հետ ունեցած զրոյցներու ատեն յայտնած է, որ ոստիկանութեան համար եւս գլխաւոր խնդիրը արիւնահեղութիւնէ խուսափիլն է: «Այս պահուն գերխնդիր է, որ ե՛ւ «Սասնայ ծռեր» ջոկատի, ե՛ւ ոստիկանութեան ե՛ւ ԱԱԾ-ի աշխատակիցներու մօտ եղած զէնքերը չկրակեն եւ երկիրը հեռու պահուի նոր արիւնահոսութիւնէ» եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան: