image

«Ամբողջ ճանապարհին մեր վրայ արձակազէններու կրակոց կար».Պէյրութ հասած հայուհի

«Ամբողջ  ճանապարհին մեր վրայ արձակազէններու կրակոց կար».Պէյրութ հասած հայուհի

«Երբ Հալէպէն դուրս եկայ, այն ատեն Ռամուսիէյի ճամբան փակ էր»,- «Արեւելք»ին յայտնեց օրերս Պէյրութ ժամանած հալէպահայ տիկին մը, որ տարբեր պատճառներու բերումով յարմար նկատեց չհրապարակել իր անունը: Մեր խօսակիցը նկատել տուաւ, որ ինք Պէյրութ գալու համար  ստիպուած  էր օգտագործել «Գասթէլո» անունով յայտնի ճամբան: «Ճամբան  շատ վատ է, փոսերով լեցուն եւ խորտ ու բորտ ճամբայ մը»,- ըսաւ ան, շարունակելով. «Ամբողջ այդ շրջանը լեցուն է արձակազէններով  ու այդ պատճառով է նաեւ, որ մենք ճամբայ ելանք կէս  գիշերուան մօտ  ու այդպէս ստիպուած են ընել, բոլոր Պէյրութ մեկնողները: Մեզ տանող վարորդին օգնականը փիլեր (լուսարձակ)   վառելով էր, որ վարորդին ճամբայ ցոյց կու տար»: Մեր խօսակիցը նաեւ դիտել տուաւ, որ երբ զիրենք փոխադրող ինքնաշարժը հատեց Գասթէլոյի ճանապարհը, տարբեր ուղղութիւններէ արձակազէններ իրենց ուղղութեամբ կրակ  բացին: «Ամբողջ  ճանապարհին մեր վրայ արձակազէններու կրակոց կար: Իրապէս, որ վտանգաւոր  դրութիւնէ  անցանք եւ հոնկէ դէպի սահման 1 ժամ տեւող ճամբան տեւեց աւելի քան 3 ժամ»: «Արեւելք»ի հարցումին  պատասխանելով, կապուած սուրիական սահմանին վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, հալէպահայ տիկինը ըսաւ. «Սահմանին վրայ իրավիճակը բնական էր, բոլոր ձեւերով մեզի օգնեցին եւ ապահով կերպով հատեցինք սուրիական սահմանը եւ մտանք Լիբանան»: Ան նաեւ ըսաւ, որ  սուրիական կողմի սահմանային հիմնական կէտին վրայ սահմանապահ ուժերու  հիմնական  ուշադրութիւնը կեդրոնացած է երիտասարդներուն վրայ: Ան այս առումով խօսքը շարունակելով, ըսաւ. «Սահմանին վրայ, երբ լսէք, որ  մարդիկ դժուարութիւններու կը հանդիպին, ապա վստահ եղէք, որ տուեալ անձերը օրինական թուղթերու հարցեր ունին: Նկատի առէք, որ նոյնիսկ զիս չհարցաքննեցին, ոչ ալ հետաքրքրուեցան, թէ ուր կ'երթամ: Սահմանը պահպանող ապահովական մարմիններու հիմնական մտայոգութիւնը, ապօրինի կերպով դուրս ելլելը կամ զինուորական տարիք ունեցողներուն երկրէն հեռանալը կանխելն է»: Մեր խօսակիցը նաեւ յիշեց, թէ ինք Լիբանան մուտք գործած է հայկական անցագրով եւ Պէյրութ կրնայ մնալ մէկ ամսուան վերանորոգելի  շրջանի մը համար»:

Ան, խօսելով Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր դրութեան մասին ըսաւ. «Հալէպահայերու մեծ տոկոսը այսօր կը փափաքի  հեռանալ  քաղաքէն» ըսաւ մեր խօսակիցը նկատել տալով, որ  «Անոնք, որ  քաղաքէն կը հեռանան, Հալէպը լքելու որոշումը ցաւով է, որ կ'առնեն: Ճիշդ է՝ մարդիկ  յոգնած են այս ծանր  վիճակներէն, բայց յատկապէս Հալէպի մօտ եղող կամ Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ  ապրող  իմ հայրենակիցներէս շատեր վստահաբար ետ կը դառնան, եթէ   վստահ ըլլան, որ պատերազմը  դադրեցաւ»,- նշեց ան, վստահեցնելով, որ «Ես Հալէպը շատ կը սիրեմ, ու ինչ ալ պատահի պիտի վերադառնամ ու հոն ապրիմ»: