Չակերտաւոր վերի խորագիրը ինչպէս ծանօթ է, առնուած է հայ հոգեւորականութեան, հասարակական-քաղաքական ու մշակոյթի մեծագոյն գործիչներէն մէկուն՝ Խրիմեան Հայրիկին նոյնանուն երկէն: Խրիմեան Հայրիկ իր այս գործը ուղղած էր այդ շրջանի գիւղական ժողովուրդի թոռնիկներուն: Ան ըսելիք շատ բան ունի իր ժամանակի թոռնիկներուն՝ աւանդական ընտանեկան արժանիքներու, մարդկային յարաբերութիւններու, կրթութեան կարեւորութեան, հող մշակելու գաղտնիքներու եւ դեռ բարոյական կարգ մը սկզբունքներու մասին:
Եթէ զուգահեռական մը պատկերացնենք այդ շրջանի եւ ներկայ ժամանակներու միջեւ, պիտի չդժուարանանք մտածելու, որ այսօրուան պապիկը նախ չունի նոյնքան ըսելիք իր թոռնիկին որքան ունէր Խրիմեան հայրիկ, յետոյ իր ըսելիքները մօտէն թէ հեռուէն որեւէ աղերս պիտի չունենան այդ անցեալ շրջանի նիւթական, թէ բարոյական արժանիքներուն եւ պայմաններուն հետ:
Իւրաքանչիւր նոր տարուան սեմին անհատի մը համար սովորութիւն դարձած է ինքնարժեւորումը, վերաքննութեան ենթարկելով անցնող տարուան մէջ կատարուած դրական, թէ բացասական իրագործումները: Իսկ տարեցներու համար պատահական է վերարժեւորել ոչ միայն անցնող տարին, այլեւ յետադարձ ակնարկ ուղղել անցնող տարիներուն: Երիտասարդութեան շրջանին՝ շատեր իրենք զիրենք ամենաուժեղ, ամենավայելուչ, նաեւ բացառիկ ընդունակ մէկը կը նկատեն, մինչեւ որ տարիներ յետոյ համոզուին թէ իրենք ոչ այնքան վայելուչ են, ոչ այնքան ուժեղ եւ ոչ ալ բացառիկ ընդունակ էակ: Այլ պարզապէս սահմանափակ կարողութիւններու տէր հասարակ մահկանացուներ: Հոս, ի հարկէ, խօսքը չի վերաբերիր վերոյիշեալ արժանիքներով իսկապէս օժտուած առանձնաշնորհեալ անհատներուն: Իմ հաշուոյս, ես պապիկ չեմ տեսեր, որ թերեւս ինծի խրատէր իրատես կեանքի մը տեսլականը, երբ կը պատրաստուէի կեանքի նետուիլ: Ծնողներու ներկայութիւնը յաճախ կը փոխարինէ այդ պակասը, սակայն ծնողները շատ աւելի պահանջող կ՚ըլլան իրենց զաւակներու ապագային նկատմամբ, մինչդեռ իմաստուն պապիկ մը իր երկար տարիներու կեանքի փորձառութեամբ աւելի տրամաբանական եւ իրատես դիրքորոշում կը ցուցաբերէ: Հոս պէտք չէ մոռնանք փորձառու, գիտակից մեծ մայրերուն կամ տատիկներուն ալ դերը, որոնց խրատները նոյնքան թանկարժէք են մասնաւորաբար պատանիի մը ապագայ կեանքի պատրաստութեան մէջ:
Ճիշդ է որ ժամանակները փոխուած են եւ միշտ ալ ենթակայ պիտի ըլլան յարատեւ փոփոխութեան: Միջազգային յարաբերութիւններու համաշխարհայնացման, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ամէն անցնող օր յայտնուող նորարարութիւններու լոյսին տակ հասակ նետող երիտասարդ սերունդին ի՞նչ կարող են սորվեցնել իրմէ երկու սերունդ առաջ ապրած պապիկները: Մեզմէ ոմանք քաջութիւնն ու համարձակութիւնը ունեցան անհաղորդ չմնալու այսօրուան տեղեկատուական բարիքներուն, օգտուելով ամէն կարգի նորարարութենէ, ինչպէս համացանց, դիմագիրք, առձեռն հեռախօսի այլազան ելեկտրոնային տարբերակներ եւ այլն: Այսուհանդերձ այս ոլորտին մէջ ամէն օր յայտնուող նոր հնարքներու իւրացման տեսակէտէն, ժամանակակից երիտասարդը, նոյնիսկ մատղաշ սերունդը այն աստիճան յառաջադէմ վիճակի մէջ կը գտնուի, որ յաճախ անոնք են, որ մեզի կը սորվեցնեն ելեկտրոնային համակարգի ճապկումներն ու հնարաւորութիւնները, այս վերջինները կիրարկելով անհաւատալի արագութեամբ: Այս ուղղութեամբ իմաստալից է եւ դաստիարակիչ հետեւեալ միջադէպը, որ վերջերս պատահեցաւ իմ ներկայութեան: Բարեկամի մը 12-ամեայ թոռնիկը փափաք յայտնեց խմբանկարուելու, զոր իրագործեց մեզմէ մէկը իմ բջջային հեռախօսով: Երբ բարեկամիս թոռնիկը ինձմէ խնդրեց որ լուսանկարը փոխանցեմ իր հեռախօսին վրայ, պատասխանեցի, որ այդ գործողութիւնը բաւական բարդ է, եւ չեմ կրնար իրագործել անմիջապէս: Ան առարկեց ըսելով, որ այդ մէկը շատ դիւրին է եւ քանի մը երկվայրկեանի կը կարօտի, եթէ իրեն թոյլատրեմ գործածել հեռախօսս: Արդարեւ գործողութիւնը տեւեց հազիւ մէկ վայրկեան եւ արդէն քաշուած խմբանկարը իր բջջայինին փոխանցուած էր: Համակարգիչի վրայ կատարուած շատ մը այլ գործողութիւններու պարագային ալ ես եւ ինծի տարեկից շատ մը բարեկամներ նման պահեր ապրած են իրենց թոռներուն հետ: Հոս չենք ուզեր խօսիլ արհեստագիտական դեռ ինչ-ինչ նորութիւններու մասին, որոնք առօրեայ կեանքդ բոլորովին կերպարանափոխ ըրած են:
Գիտութիւնը կը զարգանայ եւ զուգահեռաբար այսօրուան երիտասարդը արագօրէն քայլ կը յարմարցնէ այդ զարգացումներուն: Սակայն եւ այնպէս մեր թոռնիկներուն կը պակսի կեանքի փորձառութիւնը: Այս վերջինն է, զոր պիտի օգտագործէ դարուս պապիկը՝ ուղղութիւն տալու համար իր թոռնիկին, պայմանաւ որ ինք ալ իր կարգին կարողացած ըլլայ քաղել բաւարար չափով դրական հետեւութիւն իր մինչ այդ ապրած կեանքէն: Այսօրուան երիտասարդներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կը մերժեն ընդունիլ տարեց անձերու խորհուրդները, հակադարձելով. «մենք արդէն գիտենք զանոնք, ձեր դարը փոխուած է այսօր…», եւ այլն ըսելով: Եթէ տրուած խորհուրդը իսկապէս ժամանակավրէպ է, երիտասարդը իրաւունք ունի իր հակազդեցութեան մէջ, այլապէս ինք պարզապէս ատակ չէ խրատ ստանալու՝ որովհետեւ չափազանց ինքնավստահութիւնը եւ երիտասարդի իր ներուժը չեն թոյլատրեր իրեն ընդունիլ ուրիշի մը խորհուրդները:
Գիտակից երիտասարդը նուազ կարիքը ունի խորհուրդ ստանալու քան՝ այն, որ որոնումներու մէջ է կեանքի իր ապագայ ուղղութիւնը ճշդելու տեսակէտէն: Այս իմաստով մեզ՝ պապիկներուս պարտականութիւն կ՚իյնայ ուղղորդել մեր թոռնիկները, որպէսզի իրենց ապագայ քայլերուն մէջ ճիշդ ընտրութիւններ ընեն:
2018-ի տարեմուտին մանաւանդ երիտասարդները մեծ յոյսեր, մեծ ակնկալութիւններ եւ լուրջ ծրագրեր ունին շատ հաւանաբար: Մեծ բարեբախտութիւն է երիտասարդի մը համար իր շրջապատին մէջ ունենալ իմաստուն պապիկներ եւ տատիկներ, որոնք կարող ըլլան խելացի, կշռադատուած եւ ժամանակակից հրամայականներու յարիր խորհուրդ եւ խրատներ ձեւակերպել: Այլապէս, ըսուած խօսքերը դասական բարի մաղթանքի եւ ցանկութիւններու շրջանակէն դուրս չեն ելլեր:
Յամենայն դէպս, Ամանորի շեմին կը մաղթեմ, որ իրականանան ձեր բոլորին բաղձանքները:
Սուրէն Շէրիք
«Նոր Յառաջ»