image

«Ալ Արապիյա» Կայանը Փակեց Պէյրութի Իր Գրասենեակները

«Ալ Արապիյա» Կայանը Փակեց Պէյրութի Իր Գրասենեակները

Տուպայէն հեռարձակուող «Ալ Արապիա»  (Al Arabiya.net) կայանը  այսօր փակեց Պէյրութի  իր գրասենեակները:   Կայանի  Պէյրութի գրասենեակները, որ սկսած են  գործել  2002-էն  ի վեր, փակուած  են ապահովական պատճառներով:    Սէուտական Արաբիոյ    բանբեր  հանդիսացող   այս կայանին փակումը կապ ունի Րիատի եւ  Պէյրութի միջեւ  վերջին ամիսներուն երեւելի դարձած  լարուածութեան  հետ:   Յայտնենք, որ   երկու երկիրներուն միջեւ  լարուածութիւնը    հասած էր իր գագաթնակէտին   «Հըզպալլա»ի  ղեկավարներուն եւ յատկապէս անոր առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Սէուտական    թագաւորական ընտանիքին դէմ   արձակուած  ծանր մեղադրանքներուն եւ  քննադատութիւններուն  պատճառով: