Տուպայէն հեռարձակուող «Ալ Արապիա» (Al Arabiya.net) կայանը այսօր փակեց Պէյրութի իր գրասենեակները: Կայանի Պէյրութի գրասենեակները, որ սկսած են գործել 2002-էն ի վեր, փակուած են ապահովական պատճառներով: Սէուտական Արաբիոյ բանբեր հանդիսացող այս կայանին փակումը կապ ունի Րիատի եւ Պէյրութի միջեւ վերջին ամիսներուն երեւելի դարձած լարուածութեան հետ: Յայտնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին «Հըզպալլա»ի ղեկավարներուն եւ յատկապէս անոր առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Սէուտական թագաւորական ընտանիքին դէմ արձակուած ծանր մեղադրանքներուն եւ քննադատութիւններուն պատճառով: