Ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցած Եգիպտոսի Մընյէ նահանգին մէջ։ Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ ահաբեկիչներ կրակ բացած են ղըպտի հաւատացեալ փոխադրող կառքի մը ուղղութեամբ։
Նախնական տուեալներով կրակոցին հետեւանքով զոհուած են 7 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։
Կը նշուի նաեւ, որ մարդատար կառքը կ՚ուղղուէր, դէպի Սուհաժ շրջան, ուր կը գործէ Անպա Սամուէլի վանատունը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս յարձակումը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ եւ նման գրոհներ տեղի ունեցած են 2017 թուականին։