Թրքական ուժեր եւ անոր կողմնակից Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներ շաբաթներ տեւող երկար մարտերէ ետք, Հինգշաբթի օր իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Աֆրինի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Ճընտերէս քաղաքը,որ հիմնական քրտաբնակ է: Այս մասին յայտնած է Human Rights Watch- ի սուրիական դիտորդը:
Դիտորդական տնօրէն Ռամի Ապտըլ Ռահմանը «AFP» - ին այս մասին ըսած է. «Թրքական ուժերն ու անոր կողմնակից սուրիական խմբաւորուները յաջողած են իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել Աֆրինի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ճընտերէս քաղաքը՝ թրքական ուժերու օդային ռմբակոծութան եւ օգտագործած ծանր հրետանիի միջոցաւ»: