image

Աֆրինի ռազմավարական քաղաքներէն մին անցած է թրքական ներխուժող ուժերու տիրապետութեան տակ

Աֆրինի ռազմավարական քաղաքներէն մին անցած է թրքական  ներխուժող ուժերու տիրապետութեան տակ

Թրքական ուժեր եւ անոր կողմնակից Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներ շաբաթներ տեւող երկար մարտերէ ետք, Հինգշաբթի օր իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Աֆրինի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Ճընտերէս քաղաքը,որ հիմնական քրտաբնակ  է: Այս մասին յայտնած է Human Rights Watch- ի սուրիական դիտորդը:

 

Դիտորդական տնօրէն Ռամի Ապտըլ Ռահմանը «AFP» - ին այս մասին ըսած է. «Թրքական ուժերն ու անոր կողմնակից սուրիական խմբաւորուները յաջողած են իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել  Աֆրինի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ճընտերէս քաղաքը՝ թրքական ուժերու օդային ռմբակոծութան եւ օգտագործած ծանր հրետանիի միջոցաւ»: