Աֆրինի կեդրոնական հրապարակին մէջ տասնեակ կամաւորներ հաւաքուած կը պատրաստուին միանալ քրտական ուժերուն, երդուելով մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ ու ետ մղել թրքական զօրքը, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Կամաւորներու շարքին են նաեւ կիներ ու աղջիկներ, որոնք կու գան միանալու Քիւրտ կանանց ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն, ուխտելով կեանքի գնով պաշտպանել իրենց պապերուն հողը:
Նշենք, որ զօրակոչը յայտարարուած է քրտական ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ, որմէ ետք տասնեակ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ ընդառաջելով պատրաստակամութիւն յայտնած են դէմ հանդիման դուրս գալու թրքական ուժերուն, պաշտպանելով իրենց պապենական Աֆրին քաղաքը: