image

ԱԱԾ-ն բացայայտած է խոշոր գումարներու յափշտակման դէպք

ԱԱԾ-ն  բացայայտած է խոշոր գումարներու յափշտակման դէպք

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հաւատարիմ ըլլալով մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգելու եւ պահպանելու օրէնքով սահմանուած սկզբունքին եւ որպէս առաջնահերթութիւններէն մէկը դիտարկելով յանցաւորութեան դէմ ուղղուած պայքարը, 2019 թուականի 14 հոկտեմբերին յանցագործութեան մասին հաղորդում ստանալով ՀՀ քաղաքացիէն, ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով ստացած է փաստական տուեալներ, որ վերջինս արտաքսուելով Հայաստան եւ ուզելով օրինական ճանապարհով վերադառնալ Ռուսաստանի Դաշնութիւն, այդ հարցը կարգաւորելու նպատակով Երեւանի մէջ ծանօթացած է ՀՀ քաղաքացիի հետ, որ խարդախութեամբ վերջինիս գումարները յափշտակելու դիտաւորութեամբ, վստահութիւն ձեռք բերելու նպատակով, ներկայացած է որպէս ոստիկանութեան աշխատակից, ցոյց տուած է ՀՀ ոստիկանութեան համազգեստով լուսանկարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է 1.000.000 ՀՀ դրամի դիմաց կազմակերպել վերջինիս վերադարձը Ռուսաստան, կը յայտնեն ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն։

Այնուհետեւ, տարբեր վճարումներ կատարելու պատրուակով, 2019-ի սեպտեմբերի ընթացքին տուժողէն պահանջած եւ ստացած է 41.000 ՌԴ ռուբլի եւ 35.000 ՀՀ դրամ, իսկ 2019-ի 15 հոկտեմբերին՝ 1000 ԱՄՆ տոլար գումար՝ այդպիսով խարդախութեամբ յափշտակելով խոշոր չափերով՝ 803.490 ՀՀ դրամին համարժէք գումար:

Պահանջած գումարի վերջին մասը ստանալով՝ ՀՀ ԱԱԾ ստորաբաժանումներու հսկողութեան ներքոյ ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը բռնուած է ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ եւ բերման ենթարկուելէ ետք խոստովանած է կատարած յանցագործութիւնը:

Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս 2019 թուականի 21 հոկտեմբերին յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով, կը կատարուի նախաքննութիւն։