image

340 Ամերիկացի Խախամներ Կողմ Են Իրանի Հետ Համաձայնութեան

340 Ամերիկացի Խախամներ Կողմ Են  Իրանի Հետ Համաձայնութեան

 Միացեալ Նահանգներ-  («Էլ  Նաշրա»- Պէյրութ)  Լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքի  հաղորդմամբ  340    Ամերիկացի  բարձրաստիճան  խախամներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Իրան- Միացեալ Նահանգներ կորիզային համաձայնութեան: Աղբիւրը նոյնպէս կը գրէ, որ խախամները  բաց նամակ մը յղած է    Ամերիկեան Գոնկրէսին յայտնելով, որ սոյն համաձայնութիւնը  լաւագոյն միջոցն է Իրանին   հետ «լեզու գտնելու»: Գոնկրէսի կողմէ հրապարկուած     աղերսագրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ   խախամները    մտահոգութիւն յայտնած են, որ  Իրան շատ աւելի ծայրայեղական քայլերու կրնայ դիմել եթէ  համաձայնութիւնը  խափանուի: