Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան օդակայանի անվտանգութեան աշխատակիցները Վենիզուելլայէն Պէյրութ ժամանաղ վենիզուելլացի տարեց կնոջ մը ճամբորդական իրերուն մէջ 31քկ քոքային յայնտաբերած են:
Ըստ «Lebanon 24» լրատուական կայքին, Լիբանանի Ելեւմուտի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ քոքայինի յայտնաբերումէն անմիջապէս ետք օդակայան ժամանած է մաքսային խորհուրդի նախագահն ու մաքսային վարչութեան տնօրէնը, որոնք վերահսկած են մաքսանենգութեան խափանման գործողութիւնն ու դատական մարմիններու յանձնումը:
Աւելի ուշ յայտարարուած է, որ տարեց կնոջ ուղեկցող անվտանգութեան ծառայութեան սպայ մը եւ զինուորական մը ձերբակալուած են:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններու, վենիզուելլացի կինը 1934 թուականի ծնունդ է, եւ թմրամիջոցները անոր ձեռքի պայուսակէն յայտնաբերուած են: