Նոր բացուող տարին՝ 2018-ը յատկանշուած է գլխաւորաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանով։ Կ՚ըսեմ գլխաւորաբար, որովհետեւ «Մայիս 28»-ը իրականութեան մէջ իր մէջ կը ներառնէ 100-ամեակ տօնող բազմաթիւ դէպքեր, դէմքեր եւ հաստատութիւններ։
Այս տարի հարիւրամեակն է մասնաւորաբար հայոց պետականութեան վերականգնումին, որ արդիւնքն էր բաւական դժուար ու երկարատեւ երկունքի, երկունք՝ որ սկսաւ Զարթօնքի Շրջանով, անցնելով ազատագրական պայքարի ֆետայական շրջանի բովէն, բայց մանաւանդ այդ երկունքը ունեցաւ արեան հսկայական հեղում, տեղական ջարդերէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկիոյ կոտորած եւ ապա համընդհանուր ցեղասպանութիւն։
Կիլիկիոյ հայկական պետականութեան անկումէն վեց դար ետք, իսկ բուն Հայաստանի հողին վրայ հայկական պետականութեան անկումէն հազար տարի ետք հայ ժողովուրդը վերականգնեց իր պետականութիւնը, հռչակելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, առանց որուն՝ չէր կրնար ըլլալ Երկրորդ եւ Երրորդ Հանրապետութիւն։
«Մայիս 28» անուան տակ ա՛յս գերագոյն արժէքի ձեռքբերումն է որ կը տօնենք, անոր առընչուած դէպքերու, դէմքերու եւ հաստատութիւններու հարիւրամեակները տօնելով հանդերձ։
Սակայն կը նկատենք, որ թէեւ սփիւռքի մէջ լայնածաւալ աշխատանքներ կը կատարուին, զանազան ձեռնարկներու, հրատարակութիւններու եւ հանդիսութիւններու ծրագիրներ կեանքի կը կոչուին, նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային, ուր կարծես ամչկոտ կերպով կը խօսին Մայիս 28-ի մասին, նոյն ընկալումը չունին այդ մեծագոյն տօնին նկատմամբ եւ համապատասխան աշխատանք չի տարուիր արժանավայել կերպով նշելու հայոց պետականութեան վերականգնումի 100-ամեակը, ինչպէս, օրինակ, նշուած էր Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը։ Այս ուղղութեամբ արդէն ստեղծուած է յանձնախումբ, որուն մաս կը կազմեն սփիւռքի զանազան շրջաններէ եւ Հայաստանէն մտաւորականներ։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-23 Մարտ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։
Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ եւս տեղական մակարդակով եւ զանազան ձեռնարկներով պիտի նշուի 100-ամեակը։ Լիբանանի մէջ երեք յարանուանութիւններու առաջնորդներու եւ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու միացեալ ճիգերով կազմուած է կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ արժանավայել կերպով պիտի կազմակերպէ 100-ամեակի ձեռնարկները։ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ ծրագրուած են գիտաժողովներ։ Կը յուսանք որ Ֆրանսայի գաղութն ալ արժանավայել տարողութեամբ եւ համազգային մասնակցութեամբ տօնէ այս 100-ամեակը։
Հայաստանի մէջ նոյն թափը չունի 100-ամեակի կազմակերպման գործը։ Անշուշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ խորհրդային շրջանին ամբողջ 70 տարի այս նիւթը թապու էր, եւ ոչ միայն արգիլուած էր Մայիս 28-ին Հայաստանի անկախութեան տօնը նշել, այլ սեփական պատմութեան այդ ժամանակահատուածը ընդհանրապէս կղպանքի տակ էր, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացուէր որպէս հայրենիքի թշնամի։ Անոնք որոնք խորհրդային շրջանի այդ սեւ քարոզչութեան կրողը եղած են, «բնական է» որ դժուարութիւն ունենան ընդունելու 100-ամեակի արժանաւոր տարողութեամբ նշումը, այնքան որ նոյնիսկ վէճի առարկայ դառնայ Արամ Մանուկեանի արձանին համար արժանապատիւ տեղի ճշդումը։
Հայաստանի ժողովուրդը ծանօթ չէր հայոց պետականութեան վերականգնումը իրագործող ազգային ու պետական գործիչներուն։ Այդ պատճառով է որ Արամի անունը իր շիրիմին նման շուքի մէջ մնացած էր։ Հայաստանի պետութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է նախաձեռնէ 100-ամեակի տօնակատարութեան, որպէսզի առիթը օգտագործելով լայնօրէն իրազեկ դարձնէ հայրենի ժողովուրդը Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան։
Այսօր պէտք է յաղթահարել խորհրդային շրջանի այդ քաղաքական բարդոյթը, պէտք է Մայիս 28-ը որդեգրել որպէս համազգային տօն։ Կը յուսանք, որ Լիբանանի նման՝ սփիւռքի ամբողջ տարածքին երեք յարանուանութիւններն ու երեք կուսակցութիւնները միասնաբար կազմակերպեն Մայիս 28-ի հարիւրամեակի արժանավայել նշումը։
Իսկ հայոց պետականութիւնը ներկայացնող Հայաստանի դեսպանատուներէն կը սպասենք, որ դրօշակիրը դառնան հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակի արժանավայել տօնակատարութիւններու կազմակերպման։
Գրիգոր Դաւիթեան