Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է «Together» հաստատութեան անձնակազմը, որ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է հաստատութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց «Together» հաստատութեան անձնակազմը։
Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան զեկուցեց հաստատութեան վերջին շրջանի գործունէութեան մասին եւ անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց անձնակազմին աստուածահաճոյ ծառայութիւնը եւ իր ցուցմունքները փոխանցելով՝ յաջողութիւն մաղթեց անոր։