Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթիւ լիբանանեան «MTV» կայանի խումբը Արցախին նուիրուած փաստագրական յատուկ ժապաւէն մը կը պատրաստէ, որ մօտ օրէն պիտի հեռարձակուի «MTV»-ի «Թահքիք» (Հետաքննութիւն) յայտագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Կը նշուի նաեւ, որ այս ժապաւէնի պատրաստութիւնը կը կատարուի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական-տեղեկատու գրասենեակի նախաձեռնութեամբ: «MTV» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի պատրաստութեան խումբը`բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի գլխաւորութեամբ, այս օրերուն կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Խումբին մաս կը կազմեն` Քլոտ Սֆէյր, Սինթիա Շիտիաք, Անթոնի Մըրշաք, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու բաժինի խմբագիր Արշօ Պալեան: