Հայաստանը Ատրպէյճանի դէմ միջպետական գանգատ կը նախապատրաստէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի գոյքային իրաւունքի վերականգնման հարցով։
Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակի մամուլի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեանը։
Ան նշած է, որ հայցը պիտի ներկայացուի առաջիկային, սակայն յստակ ժամկէտ չէ նշած։