image

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Պրազիլիոյ քաղաքացի մը մահացած է

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Պրազիլիոյ քաղաքացի մը մահացած է

Լրատուամիջոցներով լուր տարածուած է, որու համաձայն՝ Պրազիլիայէն Հայաստան ժամանած ուղեւորի մը ձեռքը Պետական Եկամուտներու Կոմիտէ (ՊԵԿ) մաքսային ծառայութեան աշխատակիցները շիշ նկատած են, հետաքրքրուած են, թէ ինչ է մէջը, պրազիլցին պատասխանած է՝ գինի։ Մաքսայինի աշխատակիցները շիշի պարունակութիւնը ստուգելու փոխարէն ստիպած են, որ պրազիլցին խմէ այն, որմէ յետոյ վերջինիս ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատացած է: Վայրկեաններ անց ան մահացած է։

Պետական եկամուտներու կոմիտէէն յայտնեցին, որ «Զուարթնոց» օդակայանի մէջ տեղի ունեցած վերոյիշեալ դէպքի առնչութեամբ լրատուական միջոցներով շրջանառուող տեղեկատուութիւնը, որ իբր թէ ՊԵԿ աշխատակիցները ստիպած են, որ քաղաքացին խմէ իր ձեռքին եղած շիշի պարունակութիւնը, չի համապատասխաներ իրականութեան: Գործի քննութիւնը կը գտնուի ՀՀ քննչական կոմիտէի մէջ, դէպքի վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ ՊԵԿ իրաւասու չէ տրամադրելու:

ՀՀ ներքին գործոց նախարարութենէն դէպքի առնչութեամբ յայտնեցին, որ 8 օգոստոսին «Զուարթնոց» օդակայանի գծային բաժին ահազանգ ստացուած է, որ սիրտ-թոքային անբաւարարութիւն ախտորոշմամբ շտապ օգնութեան խումբը օդակայանէն բժշկական կեդրոն տեղափոխած է օտարերկրացի մը, որ հիւանդանոցին մէջ մահացած է։

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ դէպքի առնչութեամբ քննութիւն կ'իրականացուի, նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն եւ իր մօտ յայտնաբերուած նիւթի դատաքիմիական փորձաքննութիւն:

 

Լուրը՝ «Թերթ.ամ»էն