image

Զոհուածներու ծնողները գիշերած են «Եռաբլուր»ի մէջ

Զոհուածներու ծնողները գիշերած են «Եռաբլուր»ի մէջ

Զոհուած զինծառայողներու ծնողները երէկ գիշերուընէ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնն են, որպէսզի առաւօտեան թոյլ չտան իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանին մտնել «Եռաբլուր» պանթէոն:

Ծնողները 44-օրեայ պատերազմի միակ մեղաւորը կը համարեն Նիկոլ Փաշինեանը եւ կը պահանջեն որ ան չգայ եւ ծաղիկներ չխոնարհէ իրենց որդիներու շիրիմներուն։

Յիշեցնենք, որ 21 սեպտեմբերին ծնողները կրկին «Եռաբլուր» էին՝ նոյն պահանջով։ Կարմիր եւ սեւ պերեթաւորներու կողմէ զոհուածներու ծնողները բռնի ուժով բերման ենթարկելէ ետք, իշխանութեան ներկայացուցիչները, այնուամենայնիւ կարողացած են այցելել «Եռաբլուր»։

Յիշեցնենք, որ այսօր կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմի մեկնարկի 2-րդ տարելիցը: