Լիբանանի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հալէպ ծնած եւ Լիբանան գործած նշանաւոր արուեստագէտ Զոհրապի (Քէշիշեան) մէկ գեղանկարի նուիրատուութիւնն ու տեղադրումը։ Արարողութեան ներկայ էին Զոհրապի զարմուհի Թալին Գանլէճեան, գեղանկարչուհի Ժագլին Օհանեան, Սեդա Խըտըշեան եւ Յակոբ Փանոսեան։
Զոհրապ իր կտակին մէջ նշած էր, որ իր գործերը բաժնուին հայկական սփիւռքի եւ հայրենիքի ազգային կառոյցներու միջեւ․ Սեդա Խըտըշեանի միջնորդութեամբ եւ Յակոբ Փանոսեանի հետ բանակցութեամբ Լիբանանի օգնութեան խաչը եւս բաժին մը ունեցաւ հայ նկարչի արժէքաւոր ժառանգութենէն։
Նուիրատուութեան արարողութեան խօսք առաւ Ժագլին Օհանեան, որ խօսեցաւ գեղարուեստի մասին ընդհանրապէս եւ Զոհրապի մասին յատկապէս, ըսելով, որ անոր գործերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր ազգին պատմութիւնն ու կրօնքը։