image

Պէյրութի մէջ. Հայազգի գեղանկարիչներու գործերը պիտի զարդարեն ԱՄՆ դեսպանի կեցավայրը

Պէյրութի մէջ. Հայազգի գեղանկարիչներու գործերը պիտի զարդարեն ԱՄՆ դեսպանի կեցավայրը

Օրերս, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լիզա Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ բացումը կատարած է «Յոյսի թելեր» ցուցահանդէսին, ուր  կը ցուցադրուին նաեւ հայազգի գեղանկարիչներու գործերը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

20 յունիս 2024-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լիզա Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ բացումը կատարեց «Յոյսի թելեր» ցուցահանդէսին:

Դեսպանը նախապէս անձամբ այցելած էր Պէյրութի հանրայայտ ցուցասրահներ, ինչպէս` «Արթ սին», «Սալըհ Պարաքաթ», «Մարք Հեշըմ» ցուցասրահներ եւ ընտրած` լիբանանցի 16 արուեստագէտներու 68 գործեր:

Ընտրուած 16 արուեստագէտներու խումբին մաս կազմեցին երկու լիբանանահայեր` ճարտարագէտ եւ գեղանկարիչ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որուն գործերէն դեսպանը զատած է չորս գեղանկար, եւ Փոլ Կիրակոսեան հիմնարկի տնօրէն, արուեստագէտ Մանուէլլա Կիրակոսեան, որուն գործերէն զատած է երկու գեղանկար:

Ցուցահանդէսին հրաւիրուած էին 16 արուեստագէտներն ու ցուցասրահներու տնօրէնները. դեսպանին կողքին ներկայ էին նաեւ դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Քրիստ Իսկէնտէրեան ըսաւ, որ իր «Կակաչներ» գեղանկարին մէջ կ՛արտացոլայ դեսպանին ծրագրի «Յոյսի թելեր» թեման` իր վառ ու բազմազան գոյներով, խորհրդանշելով վերակենդանացում եւ դրականութիւն:

«Կակաչները բռնած վերացական կերպարները կը ներկայացնեն միասնութիւն եւ փոխադարձ աջակցութիւն` համահունչ յոյսի գաղափարին` իբրեւ միաւորող թելի:  Ծաղիկներ նուիրելը կ՛առաջարկէ հնձել ու բաժնեկցիլ յոյսը` զայն դարձնելով համապատասխան կտոր «Ambassador Art Loan» ծրագրի համար», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին այդ ոգեշնչող նախաձեռնութեան եւ արուեստի միջոցով միասնութիւնը խթանելուն համար:

Աւարտին ան դիտել տուաւ, որ կակաչները դարերու ընթացքին կապուած են սիրոյ իմաստի հետ, ուստի «իմ կակաչները այստեղ են սէր տարածելու համար»:

Դեսպան Լ. Ճոնսընի կեցավայրը հարստացուցած գեղանկարները, քանդակներն ու լուսանկարները պիտի ցուցադրուին մինչեւ ապրիլ 2025: