Լիբանանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Հրայր (Տիարպեքիրեան) օրերս փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու հոգատարութեան եւ խնամքին ներքոյ, տեղեկացաւ «Արեւելք» Պէյրութէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Հրայրի առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար, անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր բաւական երկարատեւ յետճամբորդութիւններու։
Շուրջ ամիս մը առաջ Հրայր կը գտնուէր Երեւան, ուր ունեցաւ Հայաստանի մէջ իր առաջին ցուցահանդէսը, որմէ ետք անձնական հարցերով մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայէն վերադարձին Հրայր ունեցած է որոշակի անհանգստութիւններ, որուն համար ալ բարեկամներու նեցուկով ու ներկայութեամբ փոխադրուած է հիւանդանոց՝ անհրաժեշտ խնամք ստանալու համար։
«Արեւելք»ի ընտանիքը ամբողջական ապաքինում կը մաղթէ սիրելի Հրայրին, յուսալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր նախկին աշխուժութեան ու եռանդուն կեանքին։
